ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ – Մեսրոպեան վարժարանի նոր մարզադաշտին պաշտօնական բացումը

Մարտ 3-ին, պաշտօնական արարողութեամբ բացումը կատարուած է Լոս Անճըլըսի՝ Փիքօ Ռիվերայի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի՝ շուրջ 3 միլիոն տոլար արժած արդիական նոր մարզադաշտին, որուն նպատակն է՝ զարկ տալ մարզական եւ մշակութային ծրագրերու։

Վարժարանի տնօրէն Լենա Կարապետեան ողջունած է այս իրադարձութիւնը՝ զայն նկատելով բարձրորակ եւ բազմաճիւղ կրթութիւն մատուցելու վարժարանին առաքելութեան մէկ մասնիկը, շնորհակալութիւն յայտնելով ծրագրին իրականացման նեցուկ կանգնողներուն։

Արդիական մարզադաշտին կողքին, կառուցուած են նաեւ մարզումներու եւ մշակութային ձեռնարկներու սրահներ։