Անվերջ օրհասական օրեր կ՚ապրի Արցախահայութիւնը։ Իսկ համայն Հայութիւնը՝ մտահոգ ու անճար, կը հետեւի քաղաքական անցուդարձերուն։ Միջազգային եւ հարաւկովկասեան ուժի կեդրոններէն կը շարունակեն հնչել իրարու հակասող որոշումներ եւ յայտարարութիւններ, առանց ստոյգ որեւէ ազդեցութեան իրավիճակին վրայ։
Յուլիս 15-ի Միշէլ-Փաշինեան-Ալիեւ պրիւսէլեան հանդիպումէն ետք, Արցախի շրջափակումի հարցը լուծելու համար Ալիեւի առաջ մղած՝ Ակնայ-Ստեփանակերտ բեռնափոխադրումի առաջարկը դրական արձագանգ գտաւ Եւրոպական շրջանակներու կողմէ։ Սակայն, Արցախի իշխանութիւնները չընդառաջեցին, պարզ այն պատճառով, որ այդ կը բխէր Արցախը Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան մէջ ընդգրկելու արեւմտեան ծրագրէն եւ միաժամանակ կը հակասէր Արցախի մէջ ռուսական շահերուն։
Արցախի գլխաւոր քաղաքական ուժերէն «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Բաբայեան կողմ արտայայտուած է այս լուծումին։ Ան կը պնդէ, թէ Արցախցիները պէտք է հաշտուին յետպատերազմական քաղաքական նոր իրավիճակին հետ եւ պէտք է ուղղակի երկխօսութեան մէջ մտնեն Ազերպայճանցիներուն հետ։ Կ՚ըսուի թէ նոյն կարծիքին է նաեւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեան, որուն մասին անցեալ շաբաթ լուրեր տարածուեցան, թէ կալանաւորուած է Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ, սակայն այնուհետեւ ազատ արձակուած է։
Սամուէլ Բաբայեանի այս դիրքորոշումը որոշ չափով կը համապատասխանէ Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշման, որոնք կը քաջալերեն Արցախ-Ազերպայճան ուղղակի բանակցութիւնները, միջազգային ուժերու հովանիին ներքոյ։ Բնականաբար, «միջազգային ուժերու հովանի»-ի ձեւաչափը կը հակասէ ռուսական իշխանութիւններու սպասումներուն։ Անկասկած այս բանաձեւումի նշումով Հայաստանի իշխանութիւնները կ՚ուզեն յիշեցնել ռուսական կողմին, որ պէտք է դիմէ կտրուկ միջոցներու, յարգելով 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լը Մոնտ թերթի հրապարակած յօդուածին մէջ կը յայտնէ. «Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւնը կարելի է, բայց միայն քաղաքակիրթ աշխարհի գործուն աջակցութեամբ։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է համարձակ քայլերու ձեռնարկէ Սարաեւոյի ոճով Լեռնային Ղարաբաղի պաշարումը դադրեցնելու համար»։ Բայց քանի որ չկայ Արեւմուտքի բացարձակ աջակցութիւնը, այլ կայ միայն անոր շահադիտական քաղաքականութիւնը, որուն հետեւանքով Բերձորի միջանցքը կը մնայ փակ եւ փոխարէն կը քաջալերուի օգտուիլ Ալիեւի առաջարկած Ակնայ-Ստեփանակերտ երթուղիէն, այստեղ Ռուսաստան բնաւ աճապարելու պատճառ չի տեսներ Ազերպէյճանին պարտադրելու իրեն համար ընդունելի այլ լուծում մը։ Եւ ընդհակառակն, այս առիթը կը շահագործէ Հայաստանին պարտադրելու համար 44-օրեայ պատերազմի առաջին օրերէն իր յառաջ մղած Ազերպայճան-Նախիջեւան միջանցքի լուծումը՝ Հայաստան-Արցախ միջանցքի ազատ հաղորդակցութեան դիմաց։
Արցախի մարդկային հաւաքական ողբերգութեան սրումը աւելի ու աւելի կը ստիպէ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները արագ լուծում մը գտնելու Արցախի ազգաբնակչութեան ողբերգութեան։ Այս նկատառումէն մեկնած՝ Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը առիթ է քննարկելու կարելի բոլոր լուծումները, յա՛տկապէս ռուսական կողմին համար՝ անոր ազգային շահերէն բխող լուծումը։
Իրան, իր կարգին, ռազմավարական իր շահերը նկատի առնելով, նախքան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարին Մոսկուա մեկնիլը արագ հանդիպում մը կազմակերպած է երկու երկիրներու նախարարներուն միջեւ եւ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին զգուշացուցած՝ Իրանի հիւսիսային սահմանին անցանկալի որեւէ փոփոխութենէ։ Իրան իր կարգին վերարծարծած է 3+3 ձեւաչափը, որ բոլորովին կ՚անտեսէ Արեւմուտքի մասնակցութիւնը, Արցախի հարցի լուծումը թողելով տարածաշրջանի գլխաւոր երեք դերակատարներուն՝ Ռուսաստանին, Իրանին եւ Թուրքիոյ։ Ձեւաչափ մը, որ Թուրքիա մտայղացած էր 44-օրեայ պատերազմի աւարտին։
Ժ.Չ. ■