Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Լուսինէ Ավանէսեան՝ անդրադառնալով Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի վերաբերեալ Ազերպայճանի նախագահի յայտարարութիւններուն, նշած է, թէ Ռուբէն Վարդանեանի Արցախ գտնուիլը և ծաւալած գործունէութիւնը Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործն է եւ որեւէ կերպ չի կրնար քննարկման նիւթ ըլլալ Ազերպայճանի իշխանութեան համար։
“Արցախը համայն Հայութեան հայրենիքն է` անկախ ծննդավայրից։ Ուստի, իւրաքանչիւր հայ ազատ է գալ իր հայրենիք եւ օրինական գործունէութիւն ծաւալել այստեղ: Բազմաթիւ պատերազմական, եղծանման եւ այլ բնոյթի յանցագործութիւնների իրագործման կամ ղեկավարման մէջ հիմնաւոր կերպով կասկածուող Ադրբեջանի նախագահը, որ այս պահին ուղղակի ղեկավարում է 120 հազար Հայերի շրջափակման ահաբեկչական գործողութիւնը, կրկին անգամ Միւնիխի մէջ խօսելով Ռուբէն Վարդանեանին Արցախից հեռացնելու մասին` փորձում է օրինականացնել Արցախը հայութիւնից եւ ողջ աշխարհից մեկուսացնելու յանցագործութիւնը”,– ընդգծած է Լուսինէ Ավանէսեան։