Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Խաղաղապահները ուղղաթիռով ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող երախայ մը Արցախէն փոխադրած են Երեւան

Նախորդ օր, ռուս խաղաղապահները ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող միամեայ երախայ մը ուղղաթիռով Ստեփանակերտէն փոխադրած էին Երեւան՝ բժշկական օգնութիւն ստանալու համար։

Արցախի Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէր, թէ խաղաղապահները Հայաստանէն ալ,– կրկին ուղղաթիռով,– հրատապ անհրաժեշտ դեղորայք փոխադրած էին թէ՛ Արցախի բնակչութեան եւ թէ՛ իրենց կարիքներուն համար։

Յիշեցնենք, թէ Յունիս 15-էն ի վեր Ազերպայճան ամբողջովին պաշարած է Արցախը եւ թոյլ չի տար նոյնիսկ Կարմիր խաչի եւ խաղապահաներու տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ դեղորայքի եւ բժշկական պարագաներու մատակարարումը՝ Արցախ։