Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը Ստեփանակերտի կաթնամթերքի գործատան յանձնած է 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն:
Լուրը հաղորդած է խաղաղապահներու թելեկրամեան ալիքը։
Օժանդակութիւնը կազմակերպուած է խաղաղապահներու եւ «Հայեր միացէք» միջազգային բարեսիրական ընկերակցութեան միատեղ ջանքերով։