Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Խովաեւ նշանակուած է Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման Ռուսաստանի յատուկ բանագնաց

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա Ապրիլ 14-ին յայտարարած է, թէ Մինսքի խումբի ռուսաստանցի համանախագահ Իկոր Խովաեւ կը շարունակէ աշխատիլ իբրեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարի յատուկ բանագնաց՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու հարցով:

Զախարովայի համաձայն՝ Խովաեւի ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստութիւնը։ Ան յոյս յայտնած է, որ Երեւան եւ Պաքու կ՚օժանդակեն Խովաեւի ջանքերուն: