Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը վերջապէս վերադարձաւ խորհրդարան։ Սակայն, վնասուած։ Վահէ Յակոբեանի գլխաւորած «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը «Հայաստան» դաշինքէն հեռացաւ, անդամներէն երեքը իրենց երեսփոխանական լիազօրութիւններէն հրաժարելով, իսկ մէկը՝ խորհրդարանական մնալով, սակայն կուսակցութեան անդամակցութենէն հրաժարելով։ Մնացին Ռոբերտ Քոչարեանի կողմնակիցներն ու ՀՅԴ-ն։
Երկար ամիսներու փողոցային ցոյցերէ ետք, չկրցան համոզել հանրութիւնը, որ պէտք է իշխանափոխութիւն կատարուի։ Կարեւոր երեւոյթ է այս վերադարձը, Խորհրդարանի բնականոն աշխատանքը ապահովելու համար, Սահմանադրութեամբ օրէնսդիր ժողովի գործունէութիւնը վերահաստատելու, նոյնիսկ եթէ անոր օրակարգը դեռ կը մնայ Արցախի ինքնիշխանութեան վրայ կեդրոնացած, անտեսելով Հայաստանի առջեւ ծառացած բազմակողմանի քաղաքական, դիւանագիտական եւ հակամարտութեան վերաբերող մարտահրաւէրներու առօրեան, որուն դէմ-յանդիման կը գտնուի երկիրը։ Ընդդիմութիւնը մասնաւորապէս լուռ է Ռուսաստանի դերին կապակցութեամբ, անոր դաշնակցային պարտականութիւններուն զլացումին հանդէպ, նոյնը՝ ՀԱՊԿ-ին պարագային։ Որքան ալ ՀՅԴ-ն Արեւմուտքի մէջ ԱՄՆ-ու, Եւրոպական Միութեան եւ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն եւ տեղական կառավարման իշխանութիւններուն հետ կ՚աշխատի Հայաստանին նեցուկ կանգնելու համար, Հայաստանի մէջ իբրեւ խորհրդարանական ընդդիմութիւն՝ «Հայաստան» դաշինքի անդամ, ռուսամէտ դիրքորոշումներ կը պաշտպանէ, ամբողջովին հակասական իրավիճակ մը դրսեւորելով։
Արցախի վերաբերեալ, Հայաստանի իշխանութիւնը իր համաձայնութիւնը տալէ ետք Ռուսաստանի առաջարկին, որ կը թելադրէր Արցախի կարգավիճակի հարցը չքննարկել ներկայիս, զայն յետաձգելով աւելի յարմար ատենի, չստացաւ Ազերպայճանի զօրքերը Հայաստանի գրաւեալ տարածքներէն դուրս հանելու ուղղուած այն նեցուկը, զոր կ՚ակնկալէր։ Այս դիրքորոշումը բոլորովին նոր էջ մը բացաւ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ, մա՛նաւանդ երբ Երեւանի մէջ կայացած ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովին, Փաշինեան մերժեց ստորագրել վերջնական հռչակագիրը, յայտնելով որ՝ «Հայաստանն առաջարկում է նաեւ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհրդի որոշմամբ արագացնել ադրբեջանական կողմի հետ անհրաժեշտ քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխատանքը՝ ուղղուած ՀՀ ինքնիշխան տարածքից ադրբեջանական զօրքերի անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերմանը իրենց սկզբնական դիրքեր՝ 2021 թ. Մայիսի 11-ի դրութեամբ։ Գտնում եմ, որ Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ ներկայացուած յայտարարութիւնը բաւարար մշակուած չէ, եւ ես պատրաստ չեմ այն այս տեսքով հիմա ստորագրել», անակնկալի բերելով Ռուսաստանի եւ Պելառուսի նախագահները։
Օգտուելով ՀԱՊԿ-ի եւ Ռուսաստանի այս դիրքորոշումէն, Ալիեւ յայտարարեց որ Դեկտեմբեր 7-ին Պրիւսէլի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ հայկական կողմի դիրքորոշման պատճառով, շեշտելով որ «Փաշինեան համաձայն է հանդիպելու միայն Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի մասնակցութեամբ»։
Ազերպայճան սկսած է շատ խորամանկ կերպով շահագործել արեւմտեան երկիրներու միջեւ յառաջ եկած կարգ մը հակասութիւնները, ռազմավարական շահերու բախումները, յատկապէս՝ ԱՄՆ-ու եւ Ֆրանսայի։ Ըստ երեւոյթին Իրանի կոշտ դիրքորոշումը Ազերպայճանի հանդէպ եւ Իրանի մէջ տեղի ունեցող ապստամբական շարժումները ԱՄՆ-ը կը ստիպեն Ազերպայճանը դիտելու իբրեւ ռազմավարական գործընկեր, ինչպէս որ պարագան էր Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահուհիին՝ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյէնին, որ կազի համաձայնագիր կնքելու ատեն նման յայտարարութիւն կատարեց։ Ֆրանսան դեռ կը մնայ միակը, որուն միջնորդութիւնը Ազերպայճան հայամէտ կը համարէ։ ԱՄՆ-ը կը քաջալերէ Ազերիներն ու Հայերը ուղղակի բանակցութիւններ վարելու։ Այդ չէ Եւրոպական Միութեան եւ Ռուսաստանի դիրքորոշումը։ Մաքրոնի պնդումին վրայ է, որ Եւրոպական Միութեան 40 հոգինոց քաղաքացիական մնայուն դիտարկման առաքելութիւնը կեանքի կոչուած է։ Ֆրանսայի Ծերակոյտին՝ Հայաստանին ու Արցախին զօրակցող բանաձեւին քուէարկումը եւ օրերս Ազգային ժողովին կողմէ նոյնանման բանաձեւի մը քննարկումները Ֆրանսան դարձուցած են Ազերպայճանի առաջին թիրախը։ Արեւմտեան պետութիւններու միջեւ այս հակասութիւններն եւ անոնց հակադրութիւնը Ռուսաստանին ու ՀԱՊԿ-ին նաեւ առիթ կու տան Ազերպայճանին, որ օր ըստ օրէ աւելի սաստկացնէ սահմանային յարձակումները։ Իսկ Արցախի մէջ նոր խաղացող մը՝ Ռուբէն Վարդանեան, Արցախի Պետական նախարար դառնալով, խաղի նոր օրէնքներ կը սահմանէ այնտեղ։
Ժ.Չ. ■