Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կառավարութիւնը ետ կը պահանջէ Երեւանի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցչութեան շէնքը

Ընդհանուր դատախազութիւնը դիմած է դատարան՝ պահանջելով անվաւեր նկատել Երեւանի Ն. Զարեան փողոցի թիւ 17Ա հասցէին գտնուող Արցախի մնայուն ներկայացուցչութեան սեփականութեան իրաւունքի պետական արձանագրութիւնը։

Այս կապակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեան Յուլիս 16-ին կայացած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է՝ «Արցախի մնայուն ներկայացուցչութեան շէնքը գոյք է, որ պէտք է պատկանի Հայաստանի Հանրապետութեան»։

Հայաստանեան մամուլին մէջ տեղ գտած հետեւեալ մեկնաբանութեան տրամաբանութիւնն ալ կը համապատասխանէ կառավարութեան այս քայլին։ Ըստ այդ մեկնաբանութեան՝ սա անխուսափելի հետեւութիւնն է Փաշինեանի բազմիցս կատարած յայտարարութեան, թէ՝ «Հայաստանի մէջ կրնայ ըլլալ միայն մէկ կառավարութիւն եւ այդ կառավարութիւնը իրենք են»։