Ուքրաինայի դէմ Ռուսաստանի սանձազերծած պատերազմին երկարաձգումը տնտեսական եւ քաղաքական անբարենպաստ բազմաթիւ հետեւանքներ ունի Հայաստանի համար, որոնցմէ ամէնէն վտանգաւորն ու մտահոգիչը Ազէրպայճանի սահմանային յարձակումներն են, որոնք Հայաստանի համար շատ ծանր կը կշռեն մա՛նաւանդ յետպատերազմեան քաղաքական անկայուն, եւ համաճարակի ու տնտեսական խախուտ ու տագնապալի պայմաններու մէջ։
Առաջին հերթին Արցախն է մեծագոյն տուժողը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով մնաց առանց կազի, կլիմայական շատ ցուրտ պայմաններու մէջ, որուն սահմանամերձ կարգ մը գիւղերը օր ու գիշեր յարձակումի եւ պետական ահաբեկչութեան ենթակայ են Ազէրպայճանի կողմէ։ Երկրորդ՝ Հայաստանը, որուն վրայ ալ յարձակումները պակաս չեն։
Այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ է լուծումը։ Մանաւանդ երբ միջազգային ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ուքրաինայի վրայ, երբ հակառակորդը պատերազմին յաղթանակած է ու ռազմական գետնի վրայ դեռ հզօր է, դեռ գրգռիչ ու պահանջկոտ… եւ որուն գլխաւոր նպատակը ռազմական գործողութիւնները վերսկսիլն է, օգտուելով Ռուսաստանի համար ծայր աստիճան ճակատագրական պատերազմով ստեղծուած պատեհ առիթէն։
Ինչպէս 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, այսօր ալ նոյնպէս, Արեւմուտքը ռազմական գետնի վրայ ոչ մէկ օգնութիւն պիտի ցուցաբերէ կամ օգուտ բերէ Հայաստանին, եւ ոչ մէկ պատիժի պիտի ենթարկուի Ազէրպայճան, երկիր մը, որ հակառակ իր գործած պատերազմական ոճիրներուն՝ կը մեծարուի իբրեւ Ուքրաինայի բարեկամ։ Երկիր մը որուն քարիւղն ու կազը իրենց կարգին շատ աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնեն քան անցեալին, երբ ռուս-ուքրաինական պատերազմ չկար։
Բնականաբար դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը մնան միակ ելքը ուժային լուծումները հեռացնելու Հայաստանէն, կամ վտանգները մեղմելու։ Սակայն ինչպէ՞ս խաղաղութեան բանակցութիւններ վարել հարեւանի մը հետ, որ գիշեր-ցերեկ Արցախէն վտարել կ՚ուզէ հայկական բնակչութիւնը, կը քանդէ մշակութային արժէքները…։ Ինչպէ՞ս բանակցիլ հարեւանի մը հետ, որ սահմանազատումի գործընթացը կը պայմանաւորէ իր կողմէ կառավարելի միջանցքի կառուցումով։
Այս ընթացքին, Հայ-թրքական բանակցային գործընթացը արտաքնապէս հանգիստ կ՚ընթանայ։ Հակառակ անոր որ՝ թրքական կողմը իր ռազմավարական դիրքերը շատ բարելաւած է, բաղդատած Ուքրաինայի պատերազմին նախորդած շրջանին, թէ՛ իբրեւ ռուս-ուքրաինական բանակցութեանց մէջ միջնորդի դեր կատարող երկիր, թէ՛ ալ իբրեւ պատերազմին ուքրաինական կողմին դիմադրութիւնը զօրացնող Պայրաքթար անօդաչուներ հայթայթող պետութիւն։ Այսուհանդերձ, Թուրքիա անսայթաք կը շարունակէ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացը, միշտ յիշեցնելով ազէրական կողմին հետ իր դիրքորոշումները ներդաշնակելու պարագան։
Իսկական մտավախութիւն է թէ՝ ի՞նչ կը մնայ բանակցութիւններէն, եթէ Ռուսաստան կորսնցնէ պատերազմը։ Ռուսաստան, որ ներկայ պայմաններով՝ երաշխաւորն է Արցախահայութեան իր հողին վրայ գոյութեան։ Հայկական դիւանագիտութիւնը շատ դժուար հաւասարակշռութիւն պահելու պարտադրանքին առջեւ կը գտնուի, ըլլալով թէ՛ Ռուսաստանի դաշնակից երկիր, թէ՛ ալ Արեւմուտքի հետ տնտեսական եւ մշակութային կապեր ու արժէքներ բաժնող։ Եւ ահա Հայաստանի դիւանագիտութեան համար չէզոքութիւն պահելու, Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքին հետ հաւասարապէս բարեկամ մնալու, ո՛չ ասոր, ո՛չ անոր վնասելու դժուարին վիճակ մը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահութեան ծիրէն ներս համագործակցութեան եզր մը գտնելու հրամայականով։
Եւ այս բոլորով հանդերձ, երկիրը պէտք է զարգանայ, տնտեսութիւնը պէտք է աճի եւ բանակը պէտք է վերակազմաւորուի եւ պատրաստուի վատթարագոյն բեմագրութեան։
Ժ.Չ. ■