Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կարմիր խաչը սննդեղէն եւ բժշկական օգնութիւն կը տրամադրէ Արցախ մնացած Հայերուն

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Հայաստանի ներկայացուցչութեան հաղորդակցութեան պատասխանատու Զառա Ամատունի «Ազատութիւն» լրասփիւռին յայտնած է, թէ Կազմակերպութիւնը սննդեղէն եւ բժշկական օգնութիւն կը տրամադրէ Արցախ մնացած Հայերուն։

“Կարմիր Խաչը սա պահուս ներկայ է Արցախի մէջ եւ կը շարունակէ աշխատիլ, բայց տեղւոյն Հայութեան վերաբերեալ ստոյգ վիճակագրական տուեալներ չունի”,– ըսած է ան։