«2020-2023 թուականներու հակամարտութեան սրումներու հետեւանքով տակաւին 429 հոգի անհետացած կը համարուի»,– կը հաղորդեն Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբէն, ընդգծելով, թէ այս թիւը կազմուած է ընտանիքներու կողմէ ստացուած դիմումներու հիման վրայ:
«2024-ին, Երեւանի եւ Գորիսի մեր գրասենեակները ստացած են շուրջ 1.290 հեռաձայն եւ կամ անհատներու այցելութիւն՝ անհետացածներու ընտանիքներուն կողմէ:
62 ընտանիք խնդրած է մեր աջակցութիւնը՝ պարզաբանելու համար իրենց անհետացած հարազատներու ճակատագիրն ու գտնուելու վայրը՝ ներկայացնելով որոնման խնդրանքներ:
Մենք կը շարունակենք աշխատիլ համապատասխան կառոյցներու հետ՝ որոնման եւ նոյնականացման (ինքնութեան ճշդումի – identification) գործընթացը դիւրացնելու եւ ընտանիքները մտահոգող հարցերուն պատասխաններ տալու համար:
Բացի ատկէ, մենք կը շարունակենք կանոնաւոր այցելութիւններ զինեալ հակամարտութեան հետ կապուած բանտարկուած անձերուն, հսկելու համար անոնց բանտային պայմաններուն, ինչպէս նաեւ օգնելու անոնց՝ պահպանելու կապը իրենց հարազատներուն հետ»,– յատկապէս կը նշեն Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբէն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։