Յունուար 15-ին, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի բեռնակառքերը Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրած դեղորայքը եւ այլ պարագաներ փոխադրած են Արցախ՝ տեղւոյն բժշկական հաստատութիւններուն համար։ Լուրը հաղորդած է Կարմիր Խաչի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագրերու պատասխանատու Զառա Ամատունի։
Նոյն օրը, Կարմիր Խաչի միջոցաւ Արցախէն չորս հիւանդ փոխադրուած է Հայաստան։