Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ՀԵԽ) հրապարակած է ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝ պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիները։
Հաղորդագրութիւնը ներկայացուցած է ՀԵԽ–ի Տիեզերական աստուածաբանական կրթութեան գործադիր ծրագրի պատասխանատու փրոֆ. Անի Ղազարեան–Տրիսսի՝ ՄԱԿ–ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 58-րդ նիստին։
«Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Ազերպայճանի կողմէ հայ գերիներու ապօրինի բանտարկութեան համար: Պատանդներ առնելն ու պահելը կը խախտեն միջազգային մարդասիրական օրէնքի հիմնական սկզբունքները, ներառեալ Ժընեւի Համաձայնագրերը եւ կը հանդիսանան մարդկային իրաւանց լուրջ խախտում:
2020 Նոյեմբերէն՝ պատերազմի “աւարտ”-ի թուականէն մինչեւ 2023 Հոկտեմբեր, Ազերպայճան ապօրինաբար գերեվարած է առնուազն 23 հայեր, ներառեալ քաղաքացիական անձեր, նախկին եւ ներկայ պաշտօնատարներ եւ զինուորականներ: Անոնցմէ շատեր ենթարկուած են խոշտանգումներու եւ նուաստացուցիչ վերաբերումի, ինչպէս փաստագրուած է մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու կողմէ:
Մենք կը վերահաստատենք, որ բոլոր ապօրինաբար բանտարկուածները պէտք է անմիջապէս եւ անվերապահօրէն ազատ արձակուին: Անձերու երկարատեւ կալանքը՝ խախտելով պատշաճ ընթացակարգերն ու իրաւական պաշտպանութիւնները, խոչընդոտ կը հանդիսանայ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ հաշտութեան ջանքերուն։
ԵՀԽ–ն կոչ կ՚ընէ ՄԱԿ–ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդին՝ ձեռնարկելու բոլոր հասանելի միջոցները՝ ապահովելու համար հայ պատանդներու ազատ արձակումը, եւ բոլոր կողմերուն՝ կատարելու իրենց իրաւական պարտաւորութիւնները միջազգային օրէնքի համապատասխան եւ պաշտպանելու մարդկային արժանապատւութիւնն ու ապահովելու արդարութիւնը:
ԵՀԽ–ն կը շարունակէ համերաշխութեամբ կանգնիլ Հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին կողքին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը տուժեն այս իրավիճակէն, եւ կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը արդարութեան եւ խաղաղութեան նկատմամբ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։