Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կը պահանջուի կասեցնել Türksat-ի արբանեակին անջրպետ արձակումը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, իր ձայնը միացուցած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող քրտական, յունական, քրիստոնեաներու իրաւանց պաշտպան եւ միջինարեւելեան կազմակերպութիւններուն, որոնք նամակով մը կոչ ըրած են օդային ճամբորդութիւններու դաշնակցային վարչութեան (FAA), որ դէմ դնէ թրքական Türksat ընկերութեան մէկ արբանեակին անջրպետ արձակումին՝ ամերիկեան SpaceX ընկերութեան կողմէ։

Փետրուար 1 թուակիր նամակին մէջ կը շեշտուի, որ այսպիսի արտօնութիւն մը տալէ առաջ, դաշնակցային մարմինները պէտք է ազգային ապահովութեան տեսանկիւնէն քննեն նման զգայուն հարց մը՝ յիշեցնելով, որ Անգարա ծանօթ է դրացի երկիրներուն մէջ իր բազմաթիւ ապօրինի միջամտութիւններով։

Նամակին մէջ յատկապէս կը շեշտուի, որ թրքական նման արբանեակ մը կրնայ աւելի մահացու դարձնել թրքական անօդաչու սարքերը, որոնց թիրախ կրնան դառնալ ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու բարեկամ կամ դաշնակից երկիրները, այլ նոյնիսկ տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ուժերը, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Անգարա տարբեր առիթներով փաստած է, թէ վստահելի դաշնակից մը չէ ԱՄՆ-ու համար։

«Türksat ընկերութեան այս եւ բոլոր արբանեակներուն ծրագիրը պէտք է անմիջապէս սառեցուի եւ պէտք է մանրամասնօրէն քննուին Թուրքիոյ անօդաչու սարքերու գործունէութեան տարածքը ընդարձակելու եւ զանոնք աւելի մահացու դարձնող ծրագրին հետեւանքները, յատկապէս երբ Անգարայի քայլերը հետզհետէ աւելի վնաս կը հասցնեն ամերիկեան եւ մեր դաշնակիցներու շահերուն», – յայտնած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։