«Կոմիտաս» երաժշտանոցի ուսանող Լեւոն Ալմասեան «Nouvelles étoiles» մրցոյթին շահած է առաջին մրցանակը

Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի «Ակադեմական երգեցողութիւն» ամպիոնի փրոֆ. Առնոլդ Քոչարեանի ուսանող Լեւոն Ալմասեան տիրացած է «Nouvelles étoiles» պատանի երաժիշտներու 11-րդ միջազգային առցանց մրցոյթի առաջին մրցանակին՝ «Երգեցողութիւն» անուանակարգին մէջ։

Դափնեկիրը ներկայացուցած է Սերգեյ Ռախմանինովի Aleko’s Cavatina օփերայէն եւ Արմէն Տիգրանեանի Դաւիթ Բէկի արիան՝ նոյնանուն օփերայէն հատուածներ, նուագակցութեամբ Աննա Ջալլադեանի։