Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ
Ազերպայճանի պետական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Պաքուի մէջ գործող Կովկասի մահմետականներու վարչութիւնը Մայիս 22-ին տեղի ունեցած երեսփոխաններու, կառավարութեան ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան շիի հոգեւորականներու մասնակցութեամբ եւ Շեյխ-ուլ-իսլամ Ալահշիւքիւր Փաշազատէի նախագահութեամբ գումարուած ժողովին որոշած է «Երեւանի մասնաճիւղ» (ղազիաթ) ստեղծել։
Նոյն աղբիւրը կը պնդէ, թէ «խօսքը Երեւանի (Իրեւանի) ղազիաթի վերականգնման մասին է։ Ան գոյութիւն ունեցած է ցարական Ռուսաստանի տարիներուն եւ համակարգած է Երեւանի նահանգին մէջ բնակող մահմետականների հոգեւոր կեանքը»։
Ղազիաթ կոչուող կառոյցը համարժէք է քրիստոնէական եկեղեցիներու թեմերուն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։