Ռուսական Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ազերպայճանի թեմի կայքը Մայիս 3-ին կը յայտնէր, թէ Ռուսաց Կիրիլ Ա. պատրիարքը Պաքու այցելութեան առիթով, Ալիեւ ամոլին հետ հանդիպումէ մը ետք, նոր շքանշան մը յանձնած է Մեհրիպան Ալիեւային։
Պաքուի թեմի կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ.
«Կիրիլ Ա.ի եւ Ի. Ալիեւի հանդիպումին ներկայ գտնուած է պետութեան ղեկավարին կինը՝ Ազերպայճանի Հանրապետութեան առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւա։ Պաքուի եւ Ազերպայճանի եպիսկոպոս Ալեքսիս ալ ներկայ եղած է հանդիպումին։ Զրոյցի ընթացքին, կողմերը քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութեան շարք մը հարցեր։ Հանդիպումի աւարտին, Սրբազան պատրիարք Կիրիլ, ի գնահատանք հասարակութեան մէջ աւանդական արժէքներու պահպանման իր ներդրումին՝ Ազերպայճանի Հանրապետութեան առաջին փոխնախագահ, “Հեյտար Ալիեւ” Հիմնադրամի եւ Ազերպայճանի մշակոյթի բարեկամներու Հիմնադրամի նախագահ Մեհրիպան Ալիեւային յանձնած է Իշխանուհի Օլկայի շքանշանը,– առաջին աստիճանի,– որ համազօր է առաքեալի կոչումին»։
Անոնք որոնք մօտէն կը հետաքրքրուին Ալիեւ ամոլի «փիփըլ» պատմութիւններով, անկասկած պիտի յիշեն որ նոյն Կիրիլ Ա.ը արդէն շնորհած էր այս շքանշանին երկրորդ աստիճանը Մեհրիպան Ալիեւային, 2013-ին Աստրախանի մէջ։
Ի՞նչ աւելցնել այս բոլորին։ Ո՞րն է յաջորդ քայլը։
Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու հաւատացեալները, ըստ երեւոյթին, լքուած են, մնացած՝ մինակ։
Ի՞նչ դասեր կրնան անոնք քաղել այս բոլորէն։
Մեր Եկեղեցիներու պատասխանատուները երկխօսութեան ինչպիսի՞ հեռանկարներ կրնան ունենալ Կաթողիկէ, Ուղղափառ եւ Բողոքական եկեղեցիներու ղեկավարներուն հետ։
Ի՞նչ ռազմավարութիւն պէտք է որդեգրեն Հայկական պետութիւնն ու մեր հովուապետերը։
Սահակ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։