Մարտ 29-ին, Երեւանի «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ Արցախի բնակիչներուն իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած մեծ հանրահաւաքը սկսած է Հայաստանի եւ Արցախի փառերգերով եւ Դադիվանքի նախկին հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս քահանայ Յովհաննիսեանի Տէրունական աղօթքով: Այնուհետեւ հաւաքի մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան նահատակուած մեր հերոսներուն յիշատակը։
Հաւաքի օրակարգի գլխաւոր կէտերն էին՝ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի հարցի առանցքայնացումը, Հայաստանի մէջ արցախցիներու ընկերային եւ այլ իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ու անձնական սեփականութեան պաշտպանութիւնը:
Հաւաքին կը մասնակցած են հազարաւոր արցախցիներ, որոնք իրենց հետ բերած են նաեւ Արցախի հսկայական դրօշը:
“Արցախի պայքարը բոլորի պայքարն ու պատասխանատւութիւնն է: Մեզ բռնութեամբ զրկել են մեր հայրենիքից, դա չի նշանակում, որ հրաժարուել ենք մեր հայրենիքից”,– հանրահաւաքին ունեցած իր ելոյթին յայտարարած է Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:
Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդը նստացոյց սկսած է։
Հանրահաւաքի մասնակցիները 12 կէտերէ կազմուած պահանջագիր ներկայացուցած են կառավարութեան՝ ընկերային խնդիրներէ սկսեալ մինչեւ արցախցիներու Արցախ վերադառնալու հարցը օրակարգին արձանագրումը։ Անոնք մէկ շաբաթ ժամանակ տուած են կառավարութեան՝ իրենց հարցերուն պատասխան ստանալու համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։