Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հալէպահայութեան ջահերով երթը

Սուրիոյ Երիտասարդական միութեան կեդր. վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 23-ին Հալէպահայութիւնը կուռ շարքերով վերանորոգած է իր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն տէր կանգնելու ուխտը եւ մասնակցած Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած ջահերով երթին։

Երթը կը խորհրդանշէր հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնն ու 108 տարիէ ի վեր իրերայաջորդ սերունդներու վառ մնացած յիշողութիւնը, եւ վերջապէս անպատիժ մնացած համամարդկային ողբերգութիւնը՝  Հայոց ցեղասպանութիւնը։