Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, Յունիս 1-ի երեկոյեան, Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանէն ներս տեղի ունեցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 107-ամեակին նուիրուած ժողովրդային տօնակատարութիւն, որուն ներկայ գտնուած են հալէպահայ երեք համայնքապետերը, Հալէպի աւագ Հիւպատոս Արա Աւետիսեան եւ հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը։
Օրուան առթիւ բանախօսած է Ներսէս Պարսումեան։
Ելոյթ ունեցած է Լիբանանէն ժամանած ազգային-յեղափոխական երգերու սիրուած մեկնաբան Ղազար Քէօշկէրեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ լիբանանահայ արուեստագէտ Սեդօ Պաղտասարեանի։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։