Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հաճիեւ. «Զանգեզուրի միջանցքի բացումը վերջ պիտի տայ Նախիջեւանի շրջափակման»

Ազերպայճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ Թուիթըրի իր հաշիւին կատարած է գրառում մը, ուր կ՚ըսէ, թէ «Զանգեզուրի միջանցքի բացումը վերջ պիտի տայ Նախիջեւանի շրջափակման»։

«Համազգային առաջնորդ Հեյտար Ալիեւի 100-ամեակը նշուեցաւ անոր ծննդավայր Նախիջեւանի մէջ: Զանգեզուրի միջանցքի բացումով պիտի աւարտի Նախիջեւանի շրջափակումը եւ նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին ամբողջ տարածաշրջանին համար»,– գրած է ան։