Վարչապետին շարասիւնէն կառք մը բախած է յղի կնոջ մը
Դէպքը պատահած է Երեքշաբթի, Ապրիլ 26-ի երեկոյեան։ Վարչապետի շարասիւնին ընկերացող ոստիկանական կառքը Երեւանի Լեո-Պարոնեան փողոցներու խաչմերուկին, բարձր արագութեամբ բախած է 28-ամեայ յղի կնոջ մը, որ հիւանդանոցը մահացած է։ Դժբախտաբար, անբախտ կնոջ կրած երախան՝ նոյնպէս։
Տարածքին մէջ զետեղուած տեսախցիկները արձանագրած են դէպքը. մինչ 28-ամեայ կինը՝ Սոնա Մնացականեան կը փորձէ Պարոնեան փողոցին վրայ հետիոտնի համար նախատեսուած անցքով հասնիլ Լեո փողոց, կառքը կը հարուածէ զինք: Նոյն տեսանիւթէն նաեւ կը պարզուի թէ՝ հոն ուր արկածը կը պատահի՝ կանգնած է ուրիշ ոստիկան մը, որ որեւէ ձեւով չի փորձեր կանխել կնոջ տեղաշարժը, մինչ կառավարական կառքերը սրընթաց կը հասնէին եւ թէ մա՛նաւանդ, արկածէն ետք, բախող կառքը եւ անոր հետեւող ամբողջ շարասիւնը կ՚անցնին-կ՚երթան վիրաւորուած կնոջ քովէն՝ առանց կանգ առնելու:
Կնոջ բախող կառքին վարորդը միայն երկու ժամ ետք վերադարձած է դէպքին վայրը եւ մասնակցած՝ կատարուող քննաչական գործողութիւններուն։
Արկածը ինքնին ողբերգական է։ Բայց յատկապէս վրդովում պատճառած է նման արկածէ ետք շարասիւնին առանց կանգ առնելու իր ճամբան շարունակելը, նաեւ բազմաթիւ լրասփիւռներու պնդումով՝ վարչապետ Փաշինեանի ուշացած ցաւակցութիւնը՝ զոհին ընտանիքին։
Թէեւ յաջորդ օր՝ Ապրիլ 27-ին, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Տարօն Չախոյեան Դիմագիրքի գրառումով մը տեղեկացուցած է, որ Նիկոլ Փաշինեան «խօսել է Սոնա Մնացականեանի հայրիկի հետ, ցաւակցութիւն յայտնել նրան եւ նրա ընտանիքի անդամներին, ցաւ ու ափսոսանք յայտնել պատահածի կապակցութեամբ եւ երաշխաւորել, որ տեղի կ՚ունենայ դէպքի օբյեկտիւ քննութիւն»։
Փաշինեանին ընկերացող շարասիւնին սպայական վաշտի հրամանատարը ձերբակալուած է դէպքին իրիկունը։ ■