Հայաստանէն Արցախին՝ 3,5 միլիառ դրամ վարկ

Հայաստանի կառավարութիւնը Արցախին կը տրամադրէ 3,5 միլիառ դրամ միջպետական վարկ:

Կառավարութիւնը Ապրիլ 27-ի նիստին հաւանութիւն տուած է համապատասխան որոշումի նախագծին։

Միջպետական վարկը կը տրամադրուի տարեկան 0,01 տոկոսով՝ մինչեւ 2027 Յունուար 1 զայն հատուցելու պայմանաժամով: