Դեսպան Սերտար Քըլըչ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի իշխանութիւններուն
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ բանագնաց, դեսպան Սերտար Քըլըչ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին՝ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած հզօր երկրաշարժէն յետոյ ցուցաբերուած մարդասիրական օգնութեան համար։
Ան թուիթըրի իր էջին թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով պատգամ յղած է Հայաստանի իշխանութիւններուն։
Թրքերէն գրառման մէջ նշած է․ «Ի յաւելումն երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ 28 հոգինոց փրկարարական խումբին եւ թեքնիք սարքերուն՝ Հայաստանի ժողովուրդի 5 բեռնատար՝ 100 թոն պարէնի, դեղորայքի, ջուրի եւ այլ ապրանքներու հրատապ օգնութիւնը Փետրուար 11-ի առաւօտեան անցած է Ալիճանի սահմանային անցակէտը եւ ուղղուած դէպի Ատըեաման։
Շնորհակալութի՛ւն, Ռուբէն Ռուբինեան, շնորհակալութի՛ւն Հայաստան»։
Անգլերէն գրառման մէջ ալ դեսպան Քըլըչ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանին եւ Հայաստանի բանագնաց, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանին՝ գործադրած ջանքերուն համար եւ աւելցուցած․
«Ես միշտ կը յիշեմ Հայաստանի ժողովուրդի ուղարկած առատաձեռն աջակցութիւնը՝ մեղմացնելու համար Թուրքիոյ երկրաշարժի գօտիի մեր քաղաքացիներու տառապանքները»:
Հայաստանի բանագնացի արձագանգը չէ ուշացած։ «Ուրախ ենք, որ կարող ենք օգնել»,– գրած է Ռուբէն Ռուբինեան։