Հայաստանի ԱԳ նախարարութիւն. «Այսօր մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք Մարաղայի ջարդերու զոհերուն յիշատակին»

 

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութիւնը, յարգանքի տուրք մատուցելով 1992 Ապրիլ 10-ին Արցախի Մարաղա գիւղի հայ բնակչութեան դէմ Ազերպայճանի գործադրած ջարդերու զոհերուն յիշատակին՝ յիշեցուցած է, որ նման վայրագութիւնները կանխելու համար անհրաժեշտ է հրաժարիլ ատելութեան խօսքէն եւ խթանել մարդկային իրաւանց յարգումը։