Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի ԱԳ փոխնախարար. «Եւրոպական խորհրդարանին մէջ վարչապետը յստակ չըսաւ, թէ ո՛ր դաշնակիցէն յուսախաբ է»

 

Հոկտեմբեր 18-ին, Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան Ազգային ժողովի շրջափակին մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն յայտնած է, թէ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ վարչապետը չնշեց թէ ո՛ր դաշնակիցէն յուսախաբ է, որեւէ երկրի անուն չտուաւ, պարզապէս ըսաւ՝ «մեր դաշնակիցներէն ոմանք…»։ “Փաշինեանի յայտարարութիւններուն մէջ զգայացունց ոչինչ կայ”,– եզրակացուցած է ան։

Յովհաննիսեան ընդգծած է, թէ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ վարչապետին ուղերձը կը հաստատէր՝ Եւրոպական Միութեան հետ ըստ կարելւոյն յարաբերութիւնները ընդլայնելու  Հայաստանի քաղաքականութիւնը։