Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հաւաքածոն հարստացած է արժէքաւոր մէկ նմուշով

Հայաստանի ազգային պատկերասրահի 40.000-էն աւելի արուեստի բարձրարժէք գործեր ընդգրկող հաւաքածոն, Հոկտեմբեր 25-ին հարստացած է արժէքաւոր նմուշով մը եւս։

Ամերիկաբնակ Վանուհի Արճեան թանգարանին նուիրած է այր մարդու արծաթեայ գօտի մը, ստեղծուած՝ Թիֆլիսի մէջ:

Ազգային պատկերասրահէն նշած են, որ քառանկիւնաձեւ, երկայնքին հատուած գլանաձեւ ճարմանդով գօտին պատրաստուած է 19-րդ դարու վերջին–20-րդ դարասկզբին հայ վարպետի մը կողմէ:

Պատկերասրահէն տեղեկացուցած են, թէ այր մարդոց եւ կիներու գօտիները ուշադրութիւն կը գրաւեն շարք մը առանձնայատկութիւններով՝ յատկապէս ճարմանդներու տարբերութեամբ: Այրերու գօտիները թամբաձեւ կ՚ըլլան (ինչպէս այս արծաթեայ գօտին), իսկ կիներունը՝ պտղաբերութեան նիւթին կ՚առնչուին. անոնք կ՚ըլլան թիթեռնիկաձեւ, գորտաձեւ եւ այլն: