Հայաստան-Թուրքիա սահմանային «Մարգարա» անցակէտի առժամեայ բացումէն ետք, Հայաստանի առաքած մարդասիրական օժանդակութիւնը Մարտ 23-ի երեկոյեան Հասած է Հալէպ։
Հալէպի Արդիւրանաբերական ցուցահանդէսի համալիրին մէջ, Հայաստանի՝ Դամասկոսի դեսպան Ռուբէն Խարազեան օժանդակութիւնը պաշտօնապէս յանձնած է Հալէպի փոխնահանգապետ Ֆաուազ Հիլալին։ Արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ Հալէպի աւագ հիւպատոս Արա Աւետիսեան եւ Հալէպի նահանգապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ղասսան Ֆարուհ։
Օժանդակութիւնը, որ կը պարունակէ հայաստանեան արտադրութեան դեղորայք եւ սննդամթերք, պիտի բաշխուի Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ։
Այս առիթով դեսպան Ռուբէն Խարազեան յատկապէս նշած է․
“Կը մաղթեմ, որ սուրիացի ժողովուրդը շուտով յաղթահարէ դժուար պահերը եւ Սուրիա դառնայ բարգաւաճ երկիր”։
Իր կարգին, Հալէպի փոխնահանգապետը շնորահակալութիւն յայտնած է Հայաստանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան՝ Սուրիա առաքուած օժանդակութեան համար՝ աւելցնելով, որ Հայաստան-Սուրիա բարեկամական յարաբերութիւնները զարգացման ամուր ենթահող ունին։
Նախորդ օր՝ Մարտ 22-ին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալած է դեսպան Ռուբէն Խարազեանը, աւագ հիւպատոս Արա Աւետիսեանն ու հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեանը։
Հանդիպումին արծարծուած են Սուրիոյ քաղաքական կացութեան, սուրիահայութեան դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն եւ յառաջիկային իրագործուելիք աշխատանքներուն առնչուող նիւթեր։
Այնուհետեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը այցելած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի, մօտէն ծանօթանալով եկեղեցւոյ պատմականին եւ յատկապէս սրբապատկերներուն պատմական արժէքին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։