Արցախի մէջ գործուած յարձակումը՝ Ազերպայճանի կանխամտածուած ծրագիրն է
Մարտ 6-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեան եւ միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Փոխնախարարը օտար դիւանագէտներուն ներկայացուցած է Մարտ 5-ին տեղի ունեցած ազերպայճանական յարձակման մանրամասնութիւնները, որու զոհ դարձան արցախցի երեք ոստիկաններ, մէկ ոստիկան ալ վիրաւորուեցաւ:
Դիւանագէտներու ուշադրութիւնը հրաւիրուած է այն հանգամանքին վրայ, թէ արդէն երկու շաբաթէ աւելի է, որ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի՝ Բերձորի միջանցքի բացման առնչութեամբ կայացուցած իրաւաբանական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումը կոպտօրէն կ՚արհամարհուի Ազերպայճանի իշխանութիւններուն կողմէ, եւ ատիկա կը վկայէ, որ Ազերպայճան դարձած է միջազգային իրաւունքի չարամիտ կարգազանցը:
***
Նոյն օրը, փոխնախարար Վահէ Գէորգեան հանդիպում ունեցած է Մինսքի խումբի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէօյի հետ։ Կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան առնչուող հարցեր: Անոնք միտքերու փոխանակում ունեցած են Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն շուրջ:
Գէորգեան իր զրուցակցին ներկայացուցած է նաեւ Մարտ 5-ին գործուած ահաբեկչական յարձակման մանրամասնութիւնները։