Ալմաթիի մէջ ընթացող Եւրասիական միջկառավարական խորհրդի յաջորդական նիստին՝ վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, թէ հակառակ աշխարհաքաղաքական լարուած իրավիճակին` Հայաստանի փոխադարձ առեւտուրը Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) երկիրներուն հետ կը շարունակէ աճ արձանագրել։
“Հայաստանի եւ ԵԱՏՄ-ի երկիրներու միջեւ ապրանքի շրջանառութիւնը 2022 Յունուար-նոյեմբերին 2021 թուականի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ աճած է աւելի քան 90 տոկոս եւ կազմած է 4,6 միլիառ տոլար”,– ընդգծած է Փաշինեան։
Վարչապետը հետագայ զարգացման համար անհրաժեշտ համարած է շարունակել տնտեսական զարգացման ապահովման, ազգային տնտեսութիւններու մրցունակութեան բարձրացման եւ քաղաքացիներու բարեկեցութեան ուղղուած՝ համակարգուած եւ հետեւողական աշխատանքը: