Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան կը հաղորդէ, թէ Իրանի եւ Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնները մնայուն կապի մէջ են այդ երկիրներուն մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներուն հետ։
«Յունիս 13-էն ի վեր, Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիմած է 15 Հայաստանի քաղաքացի, որոնց տրամադրուած է պահանջուած տեղեկութիւնը: Ընդհանուր առմամբ Իսրայէլէն տարհանուած է քսան ՀՀ քաղաքացի, ներառեալ՝ Բեթղեհէմ գտնուող զբօսաշրջիկներու խումբը, որ փոխադրուած է Եգիպտոս:
Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիմած է երեսուն ՀՀ քաղաքացի՝ մեծ մասը Հայաստան փոխադրուելու առնչուող հարցերով. դեսպանութիւնը տրամադրած է համապատասխան տեղեկութիւն, ըստ իրավիճակի եւ անհրաժեշտութեան՝ օգնութիւն:
2025 Յունիս 13-էն ի վեր ԱԳ նախարարութիւնը ստացած է նաեւ օտար քաղաքացիներուն՝ Իրանէն Հայաստանի տարածքով տարհանման դիմումներ։ Այս կը վերաբերի թէ՛ Իրանի մէջ գործող օտար պետութիւններու դիւանագիտական անձնակազմին եւ անոնց ընտանիքի անդամներուն, թէ՛ ալ այլ քաղաքացիներու։ ԱԳ նախարարութիւնը հրատապ կարգով ցուցաբերած է անհրաժեշտ օգնութիւնը՝ ներառեալ մուտքի արտօնագրեր (վիզա) տրամադրելու հարցերուն մէջ։
Աշխատանքները կը շարունակուին Հայաստանի պատկան գերատեսչութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ գործակցաբար»,– նշուած է ԱԳ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։