«Տէրը Հայաստանը դարձնէ տուն՝ հիմնուած Աստուածային իմաստութեան ժայռի վրայ»
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25-ի յետմիջօրէին Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի հրաշագործ սրբապատկերի մատռան մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի խաղաղութեան նուիրուած պատարագ, զոր մատոցած է Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։ Պատարագին ներկայ եղած են Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Սուրբ Աթոռի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմինի անդամներ, եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, քաղաքական ներկայացուցիչներ ու հայ եւ օտարազգի հաւատացեալներ։
Կարդինալ Փարոլին իր արտասանած քարոզին մէջ ի միջի այլոց նշած է.- “Չենք կրնար մոռնալ, որ ըստ աստուածաշնչական աւանդութեան՝ Հայաստան այն երկիրն է, ուր Ջրհեղեղէն յետոյ ծնաւ առաջին քաղաքակրթութիւնը, եւ ուր աւանդութիւնը կը յիշեցնէ աստուածաշնչեան Եդեմի պարտէզը”։
Ան ապա քարոզը աւարտած է աղօթքով` խնդրելով, որ «Տէրը Հայաստանը դարձնէ տուն՝ հիմնուած Աստուածային իմաստութեան ժայռի վրայ»։
“Թող ձեր վեհ ազգը վայելէ ձեր ուզած խաղաղութիւնը, եւ թող ան շարունակէ օգուտ քաղել ձեր մարդկային, մշակութային եւ հոգևոր հարստութիւններէն, որպէսզի Ազգերու ընտանիքը բաժնեկից ըլլայ անոնցմէ իւրաքանչիւրին”,– եզրափակած է կարդինալ Փիերթրօ Փարոլին, հայցելով Հայաստանի սուրբ հովանաւորներուն եւ յա՛տկապէս Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բարեխօսութիւնը, որ՝ «Տէրը առատ շնորհներ պարգեւէ հայ ժողովրդին»։