Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի հետ խաղաղութեան Ալիեւի պայմանը՝ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչում, ներառեալ Ղարաբաղը

«ԱզէրԹաջ»-ի համաձայն՝ Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Աղդամի շրջան կատարած այցելութեան ընթացքին նշած է այն պայմանները, որոնց առկայութեան պարագային կարելի կ՚ըլլայ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել։

“Ի հարկէ, Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի միջեւ պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքուի։ Այդ համաձայնագիրը պէտք է ստորագրուի իրաւունքի, միջազգային չափանիշերու եւ սկզբունքներու հիման վրայ՝ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման պայմանով…։ Բայց ազէրպայճանցի ժողովուրդը երբեք պէտք չէ մոռնայ դաժանութիւններու մասին։ Ո՛չ ոք պէտք է մոռնայ…”, յայտարարած է Ալիեւ։

Ան նաեւ վստահութիւն յայտնած է, թէ Ազէրպայճանի ներկայիս կատարած աշխատանքը «այդ կարգին՝ ռազմաշինութեան ոլորտին մէջ, ա՛լ աւելի կը հզօրացնէ երկիրը եւ ատիկա կ՚ըլլայ Հայաստանի մէջ բարձրացած վրէժխնդրական ուժերու պատասխանը»։ “Մենք մեր հողին վրայ ենք։ Մենք արիւն թափելով վերադարձուցած ենք այս հողը, շեհիտներու (նահատակ) կեանքի գինով։ Մենք ամուր կանգնած ենք այս հողերուն վրայ եւ պիտի ապրինք այստեղ։ Ղարաբաղը Ազէրպայճա՛ն է”,– ըսած է ազէրի ղեկավարը։