Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի հետ սահմանին թուրք–ազերպայճանական ռազմափորձեր սկսած են

Հայաստանի հետ սահմանակից Կարսի նահանգին մէջ սկսած են թուրք–ազերպայճանական յաջորդական ռազմափորձերը։

Թրքական Hurriyet–ի համաձայն՝ «Հայտար Ալիեւ–2022» անունը կրող ռազմափորձերը որ պիտի տեւեն մինչեւ Մայիս 26, նպատակ ունին զարգացնելու երկու երկիրներու զինեալ ուժերու միջեւ համագործակցութիւնը։ Ազերպայճանի բանակը կը մասնակցի հրասայլային եւ այլ ստորաբաժանումներով։