Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանը այցելած է Բերձորի միջանցքի սկիզբի մասը

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանուհի Քրիսթինա Քվին այցելած է Բերձորի միջանցքի սկիզբի մասը, որ շուրջ երեք ամիսէ ի վեր փակուած է բնականոն երթեւեկի։ Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան դեսպանին ներկայացուցած է միջանցքի շրջափակման հետեւանքներն ու ազդեցութիւնը հարիւրաւոր մասնատուած ընտանիքներու վրայ։

Ղուկասեան նաեւ անդրադարձած է շրջափակման հետեւանքով տուժածներուն պետութեան կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան։

Դեսպան Քվին կրկնած է Բերձորի միջանցքը անյապաղ վերաբանալու վերաբերեալ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի կոչը։