Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանին բողոքագիր յանձնուած է

Յունուար 15-ին, Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին հրաւիրուած է Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութիւն, ուր անոր յանձնուած է բողոքագիր մը։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, յատկապէս նշելով հետեւեալը.

«2025 Յունուար 12-ին, Ռուսաստանի պետական հեռատեսիլէն սփռուած “Շաբթուան լուրեր” հաղորդման ընթացքին հնչած են արհեստականօրէն ծաւալած խօսոյթներ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ»: