Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու հիմնադրամին (ԱՆԻՖ) նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է միասնական ներդրումի առաջին հարթակը՝ ԱՌՖԻ-ն (ARFI – Armenia Financed): Ան, բացառիկ կարելիութիւն կ՚ընձեռէ ամբողջ աշխարհէն ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ գործող փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններուն, նոր արհեստագիտութիւններու սթարթափ ծրագրերուն եւ դառնալ անոնց մէկ մասը։
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան խորհուրդի Նոյեմբեր 29-ի նիստին որոշուած է կատարել հարթակին պաշտօնական արձանագրութիւնը եւ անոր գործողութիւնները վարելու լիազօրութինն ալ յանձնուած է ԱՌՖԻ ներդրումային ընկերութեան: Եւ այդ պահէն բացուած համարուած է հարթակը, սկսած է ընկերութիւններու հետ համագործակցութեան եւ դիմումներու ընդունման գործընթացը: Աշխատանք կը տարուի նաեւ աշխարհահռչակ շատ մը Հայերու հետ՝ ԱՌՖԻ հարթակի ծանօթացման յաջողութեան նպաստելու նպատակով։ Կարելի պիտի ըլլայ հարթակին մէջ ներդրում կատարել 2023 թուականի առաջին օրերէն սկսեալ։
ԱՌՖԻ հարթակի հիմնական նպատակներն են հայաստանեան ընկերութիւններու աճի գանձատրման նոր կարելիութիւններու ստեղծումը, երկրուն մէջ այլընտրանքային ներդրումային գործիքակազմի ընդլայնումը, Հայաստանի մէջ գործարարական միջավայրի զարգացումն ու Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը։
Հարթակին վրայ կը ներկայացուին գործարարական բազմաթիւ նախագծեր, անոնց ստեղծման պատմութիւնները, զարգացումն ու ֆինանսական կանխատեսումները:
Ընկերութիւնները հարթակի միջոցով կարելիութիւնը կ՚ունենան բաշխելու բաժնեթուղթեր եւ պարտատոմսեր:
18 տարեկանէն մեծ իւրաքանչիւր անձ աշխարհի որեւէ կէտէն պիտի կարենայ հարթակին միջոցով ներդրում կատարել այն նախագիծերուն, որոնց յաջողութեան կը հաւատայ: Սա եզակի մօտեցում է, որ ներդրողներուն համար կը ստեղծէ յաւելեալ եկամուտ ապահովելու կարելիութիւն, միաժամանակ օգնելով տեղական գործարարութեան զարգացման։
“Մենք երկար ատենէ ի վեր կը սպասէինք այս օրուան։ Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, բայց ես համոզուած եմ, որ այս օրը պիտի յիշուի որպէս Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ գործարար միջավայրի բարելաւման օր։ Մենք վստահ ենք, որ ԱՌՖԻ-ն պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ գործիք՝ ամրապնդելու Սփիւռքի վստահութիւնը Հայաստանի մէջ, թափանցիկ գործարար գործունէութիւն ծաւալելու տեսանկիւնէն”,– նշած է ԱՌՖԻ ներդրումային ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Սերգէյ Գրիգորեան։
“Այս հարթակը կու գայ լրացնելու Հայաստանի ֆինանսական համակարգը, եւ ես վստահ եմ, որ ան իր մեծ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Հայաստանի ներդրումի շուկայի զարգացման մէջ”,– նշած է ԱՌՖԻ-ի տնօրէն Էդգար Էվոյեան։