Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղի՝ Զապէլ Եսայեան գիւղատնտեսական կեդրոնի (ZYAC) այգիին մէջ, Հոկտեմբեր 9-ին բացումը կատարուած է հայ նշանաւոր գրող, արձակագիր, թարգմանիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանի արձանին։
«Անվախ Զապէլ» յուշարձանի քանդակագործն է Նունէ Թումանեան, նախագիծը իրականացուցած է Armenian Artists Project բարեսիրական առցանց պատկերասրահը՝ սփիւռքահայեր Վիքթոր Զառուկեանի եւ Ճիւտի Սարեանի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ։
Զապէլ Եսայեանի քանդակը տեղադրուած է կամուրջի մը վրայ՝ աջ ձեռքին բռնած գիրք, որ կը խորհրդանշէ անոր սէրը գրականութեան հանդէպ։ Ձախ ձեռքը բռունցք է՝ խորհրդանշելով Եսայեանի մարտական ոգին ու անհնազանդ բնաւորութիւնը։ Արձանի կամուրջ-պատուանդանը կը խորհրդանշէ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանները, որու վրայ իբրեւ կապող օղակ կանգնած է Եսայեանի կերպարը։
Արձանը պրոնզաձոյլ է. կամուրջին հետ՝ 2,5 մեթր բարձրութիւն ունի։