Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի անձին շուրջ ծաւալող աղմուկը

Քանի մը շաբաթէ ի վեր ֆրանսահայ լրագրող Լէօ Նիկոլեան հայաստանեան հեռատեսիլի զանազան կայաններէ կատարած իր յայտարարութիւններով ծանրօրէն կ՚ամբաստանէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Լույօն։ Ըստ Նիկոլեանի՝ ֆրանսացի դիւանագիտուհին Ազերպայճանի հաշուոյն գործող լրտես մըն է, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։ Ան ազերպայճանական կողմին հաղորդած է Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ գաղտնի մնալու կոչուած ռազմական տեղեկութիւններ։ Նիկոլեան իր պարբերական յայտնութիւններուն մէջ կը խօսի նաեւ դեսպանուհիին՝ ֆրանսական «Վէոլիա-ջուր» ընկերութեան հետ կապուած ապօրինի գործարքներուն մասին (Նիկոլեան կ՚ամբաստանէ նաեւ այլ անձեր), կը պնդէ նաեւ, որ դեսպանուհին մեծ գումար պարունակող դրամատնային հաշիւ մը ունի Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն մէկուն մէջ  եւ այլն։ Ֆրանսահայ լրագրողը կը յիշեցնէ նաեւ, որ 2023 Փետրուար 24-ին Փարիզի մէջ կազմակերպուած Ֆրանսա-Հայաստան տնտեսական վեհաժողովի ընթացքին Լույոյի կեցուածքը կասկածելի թուացած էր եւ մեծ դժգոհութիւն պատճառած՝ հայաստանեան իշխանութիւններուն, երբ ան իր ունեցած ելոյթին գրեթէ վհատեցնող, տարհամոզող խօսքեր արտասանած էր ֆրանսացի գործարարներու առջեւ, ամփոփ ըսուած՝ յայտնելով, որ Հայաստան կը շարունակէ մնալ վտանգի ենթակայ երկիր, այլ խօսքով՝ անկայուն դաշտ՝ ներդրում կատարելու համար։

Եթէ մեր կողմէ կարելի չէ հաստատել կամ հերքել Նիկոլեանի կատարած այս ծանրագոյն ամբաստանութիւնները, առնուազն կրնանք ըսել, որ անոր յիշեցումը ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ գործող դեսպանի մը անվայել կեցուածքին, որ փոխանակ ներդրողներ խրախուսելու, տարհամոզած է (եւ այնպէս կը թուի, թէ վերեւ յիշուածը այդ բնոյթի միակ դէպքն ալ չէ եղած), ճի՛շդ է։ Այդ հանգամանքը,– եւ թերեւս ու հաւանաբար՝ առայժմ չյայտարարուած այլ պատճառներ ալ,– Հայաստանի իշխանութիւնները մղած ըլլալ կը թուին անոր փոխարինումը պահանջելու, քանի որ կ՚ըսուի, թէ  յառաջիկայ օրերուն կը սպասուի Լույոյի Հայաստանէն մեկնումին։ Ըստ ոչ-պաշտօնական աղբիւրներու, Ֆրանսայի Էրպիլի դեսպանը պիտի փոխարինէ զայն։ 

Որպէս եզրափակիչ խօսք կարեւոր է ընդգծել հետեւեալը. Նիկոլեան ամէն առիթով կը յիշեցնէ, որ այս հարցին մէջ մեղաւոր չեն ո՛չ Ֆրան-սական պետութիւնը, ո՛չ նախագահ Մաքրոն, ո՛չ Արտաքին գործոց նախարարուհին եւ ո՛չ ալ անոր գլխաւորած նախարարութիւնը, այլ պարզապէս ենթակային հետ կապուած հարց մըն է։