Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը ելոյթներ կ՚ունենայ Միացեալ Թագաւորութեան բազմաթիւ քաղաքներու մէջ

 

2023 թուականը կը յատկանշուի Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 120-ամեակով։ Այս առիթով Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Փետրուար 13-24 տալիք իր համերգները կը նուիրէ մեծ երաժիշտի յոբելեանին՝ անոր ստեղծագործական ժառանգութեան ծանօթացման նպատակով։

Համերգային շրջապտոյտը կը ներառէ 10 ելոյթներ՝ Լոնտոնի, Մենչըսթըրի, Քեմպրիճի, Էտինպուրկի, Շեֆիլտի, Պըրմինկհըմի եւ Մեծն Բրիտանիոյ այլ քաղաքներու մէջ։ Սերգէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ՝ խումբին հետ իբրեւ մենակատար հանդէս կու գան նաեւ բրիտանացի անուանի ջութակահարներ Ճենիֆըր Փայք եւ Գլոյէ Հենսլիփ։

Համերգային յայտագրերու առանցքին կը գտնուին  Խաչատրեանի յօրինողական գանձարանի ամէնէն ծանօթ ու ազդեցիկ նմուշները․ երկացանկը կ՚ընդգրկէ Ջութակի քոնչերթօն, հատուածներ «Սպարտակ» պալէէն եւ այլ ստեղծագործութիւններ։