Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի ռազմավարական առաջին յաղթանակը

Առաջին ան­գամ ըլ­լա­լով, Տու­պա­յի մէջ, Հա­յաս­տան-Ազեր­պայ­ճան ամե­նաբարձր մա­կար­դա­կի հինգ ժամ տե­ւողու­թեամբ բա­նակ­ցութիւններ ըն­թա­ցան առանց մեծ պե­տու­թիւննե­րու միջ­նորդու­թեան, որոնց աւար­տին հրապարակուած կարճ հա­ղոր­դագրու­թիւնը հաս­տա­տեց Հա­յաս­տա­նի հա­մար վճռո­րոշ դի­ւանա­գիտա­կան յաղ­թա­նակ մը՝ Սիւ­նի­քի մի­ջանցքի հա­ղոր­դակցա­կան ու­ղի­ներու Հա­յաս­տա­նի ին­քիշխա­նու­թեան եւ իրա­ւազօ­րու­թեան ներ­քոյ գործարկու­մը։ Դիր­քո­րոշում մը որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը 2020-ի պա­տերազ­մէն ի վեր հե­տեւո­ղական կեր­պով պաշտպա­նած են, հա­կառակ Ռու­սաստա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի ան­դուլ ջան­քե­րուն՝ պար­տադրե­լու ռուսական վե­րահսկու­մ Սիւ­նի­քէն անցնե­լիք ճա­նապար­հին, որ իրա­րու պիտի  կա­պէ Ազեր­պայճա­նի եր­կու հո­ղա­մա­սերը. եւ հա­կառակ Հա­յաս­տա­նի մէջ ընդդի­մադիր ճա­կատի անվերջ պնդումնե­րուն, ըստ որոնց իբրեւ թէ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը զի­ջած են «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»-ը թուրքե­ւազե­րական զոյ­գին։

Ռու­սաստան ինչպէ՞ս պի­տի հա­կազ­դէ Ազեր­պայճա­նի զի­ջու­մին՝ «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»-ի վե­րահսկու­մը իրեն յանձնե­լու մասին իրենց պայ­մա­նաւո­րուա­ծու­թեան լոյ­սին տակ։ Ար­դէն, Տու­պա­յի հան­դի­պու­մին նա­խոր­դող շա­բաթ­նե­րուն Ռու­սաստա­նի մէջ ազե­րինե­րու լայ­նա­ծաւալ ձեր­բա­կալու­թիւննե­րը կը յու­շէին որ ռուս-ազե­րական մեղ­րա­լու­սի­նը սպառած է։ Ազե­րական AZAL օդային ընկերութեան Պա­քու-Կրոզ­նի գիծը ապահովող օդա­նաւին հրթի­ռակո­ծու­մը եւ ջախ­ջա­խու­մը ան­ցեալ Դեկ­տեմբե­րին սկիզբը հանդիսացաւ եր­կու եր­կիրնե­րու յա­րաբե­րու­թիւննե­րու վատ­թա­րացման։ Ազեր­պայճան ալ իր կարգին հա­կազ­դե­լով Ռու­սաս­տա­նին, ռու­սե­րու հան­դէպ հա­լա­ծանքնե­րը սաս­տկա­ցուց։ Ազե­րի­ներու ինքնավստա­հու­թիւնը կու գայ Թուր­քիոյ անոնց շնոր­հած անսեթեւեթ նե­ցու­կէն, ինչպէս նաեւ Իս­րա­յէլի հետ տնտե­սական ու ռազ­մա­վարա­կան շա­հերով պայ­մա­նաւո­րուած սերտ յա­րաբե­րու­թիւննե­րէն, Արեւ­մուտ­քի հա­մար այ­լընտրան­քա­յին ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւր հան­դի­սանա­լու հան­գա­ման­քէն։ Ար­ցա­խի հայ բնակ­չութեան ցե­ղային զտու­մին՝ մի­ջազ­գա­յին դա­տապար­տումի բա­ցակա­յու­թիւնն ալ կը վկայէ արեւ­մտեաններուն մէջ Ազեր­պայճա­նի վա­յելած նե­ցու­կին մասին։ Իսկ ռու­սա­կան բա­նակի հե­ռացու­մը Ար­ցա­խի տա­րած­քէն՝ Ազեր­պայճանին տուաւ յա­ւելեալ առա­ւելու­թիւն մը՝ չէ­զոքաց­աւ ռու­սա­կան ան­մի­ջական յար­ձա­կու­մի մը վտան­գը։ 

Ռու­սա­կան դիր­քին կարծրա­ցու­մը կա­րելի է բա­ցատ­րել մի­ջազ­գա­յին մի քա­նի ազ­դակնե­րու շաղ­կա­պու­մով՝ ուքրաինա­կան ճա­կատին անոր ձեռք ձգած յա­ջողու­թիւննե­րով, ԱՄ­Ն-ու՝ իր պատ­մա­կան դաշ­նա­կից­նե­րուն դէմ շու­կա­յական յա­րաբե­րու­թիւն-նե­րու մէջ հաստատած պար­տադրան­քներով, որոնք լրջօ­րէն տկա­րացուցին արեւմտեան ճա­կա­տի մար­տունա­կու­թիւնը, մինչ միւս կող­մէն ալ՝ BRICS-ի շրջա­նա­կին մէջ Ռու­սաս­տանի ռազ­մա­վա­րա­կան գործակ­ցութեամբ Իրա­նի եւ Չի­նաս­տանի հետ՝ ձեւա­ւո­րուեցաւ հա­կա-արեւմտեան միջազ­գա­յին նոր հար­թա­կ մը։ 

Հայ-ազե­րական մեր­ձե­ցու­մը սրեց նաեւ հայ-ռու­սա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը՝ որուն ան­մի­ջական դրսե­ւո­րումնե­րէն են՝ Եկե­ղեցի-Կա­ռավա­րու­թիւն, Սա­մուէլ Կա­րապե­տեան-Կա­ռավա­րու­թիւն հա­կադ­րութիւ­նները, որոնք 2026-ի ընտրու­թեան սե­մին ա՛լ աւե­լի սրա­նալու նա­խադ­րեալ­ներ կը ցու­ցա­բերեն։

Թրամ­փի վե­րընտրու­թե­նէն ի վեր անոր հռչա­կած բո­լոր խա­ղաղու­թեան նա­խաձեռ­նութիւննե­րը ձա­խողու­թեան մատ­նուած են, բա­ցի հայ-ազե­րակա­նէն, որ յա­ջողու­թեան հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նի, եթէ գոր­ծընթա­ցը իր բնա­կան հու­նով ըն­թա­նայ։ Սակայն, Ռու­սաստան իր ձեռ­քին տակ ու­նե­ցած բո­լոր մի­ջոց­նե­րը պի­տի գոր­ծա­ծէ զայն ձա­խողեց­նե­լու համար։

Թէեւ ԱՄՆ ոչ մէկ լուրջ դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցած է Տու­պա­յի հայ-ազե­րական բա­նակ­ցութիւննե­րու յաջողու­թեան մէջ, բայց եւ այնպէս նա­խագահ Թրամ­փի ինքն ի­րեն վե­րագ­րած յա­ջողու­թիւնը աւե­լի կը սրէ Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ Ռու­սաստա­նի ան­հանդուրժո­ղու­թիւնը, կատարուածը համարելով ռու­սա­կան ազ­դե­ցու­թեան գօ­տին սահ­մա­նափա­կելու նպա­տակ հե­տապնդող գոր­ծո­ղութիւն։

Ժ.Չ. ■