Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի սահմանը անցած երկու Ազերպայճանցիներէն մէկը 11 տարի 6 ամիս 15 օր բանտարկութեան դատապարտուած է

Հայաստանի սահմանը անցած երկու Ազերպայճանցիներէն մէկը՝ Ակշին Պապիրով, 11  տարի 6 ամիս 15 օր բանտարկութեան դատապարտուած է։ Այս տեղեկութիւնը հաստատած են ընդհանուր դատախազութենէն:

Ազերպայճանցի զինուորը յանցաւոր ճանչցուած է Հայաստանի սահմանը ապօրինի անցնելուն, պետական սահմանէն ներս ապօրինի հրազէն եւ ռազմամթերք փոխադրելուն համար։ Ան ընդունած է իրեն յղուած մեղադրանքը։ 

Իսկ սահմանը անցած երկրորդ Ազերպայճանցիին՝ Հիւսէյն Ախունտով դատաքննութիւնը կը շարունակուի։ Ան կը մեղադրուի նաեւ «Զանգեզուրի պղինձի գործատան» պահակին սպանութեամբ։