Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան-Ազերպայճան հակամարտութեան ծալքերը

Ֆրանսայի մէջ, շնորհիւ լրագրող-խմբագիր Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնի ամէնօրեայ գրառումներուն, շնորհիւ Սիլվէն Թեսոնի եւ կարգ մը ֆրանսացի այլ մտաւորականներու յարատեւ հանրային յայտարարութիւններուն, շնորհիւ Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամիի, Նաթալի Լուազոյի եւ կարգ մը այլ խորհրդարանականներու յանձնառու կեցուածքին Արցախի պաշարման հարցը դեռ կը մնայ հանրային ուշադրութեան առարկայ։ 

Վարագոյրի ետին, Հայաստանի դեսպանատան եւ հայկական համայնքին կողմէ աշխատանք կը տարուի Ֆրանսայի կառավարութեան եւ պետական մարմիններու աջակցութիւնը ապահովելու Հայաստանին ու Արցախին։ Նկատելի են ընկերային ցանցերու վրայ եւս աշխուժ տեղեկատւութիւն, քարոզչական աշխատանք եւ կոչեր, որոնք կը դատապարտեն ու կը պահանջեն Արցախի շրջափակման վերացումը։ Նոյնը նկատելի է Եւրոպահայութեան մէջ ալ։ 

Բոլորին նպատակը այն է, որ երկրաշարժը չմոռցնէ Արցախի մարդկային աղէտը, որ օր ըստ օրէ կը սաստկանայ։ Հայաստան-Ազերպայճան բախումը միայն ռազմական չէ, նաեւ թէ՛ քարոզչական է, թէ՛ արդարադատական, դիւանագիտական, տնտեսական եւ աշխարհառազմավարական։

Հայաստանի՝ Թուրքիոյ աղէտեալներուն ցուցաբերած օգնութիւնը, որ թէեւ հայկական ընդդիմադիր ճակատին կողմէ քննադատուեցաւ, բայց եւ այնպէս քաղաքական ու դիւանագիտական կարեւոր նախաձեռնութիւն է Արցախի մարդասիրական աղէտը միջազգային քաղաքական հանրութեան ու լրասփիւռներու ուշադրութեան կեդրոնին պահելու։ Մա՛նաւանդ առիթ է հայկական իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամներուն, միջազգային հարթակներու վրայ բարձրացնելու Արցախի մարդկային աղէտի հարցը։

Հայաստանի մարդասիրական օգնութիւնը Թուրքիոյ հասցնելու համար՝ 30 տարիէ ի վեր փակ պահուող Մարգարայի սահմանային անցակէտին բացումը դրական անակնկալ մըն էր։ Պէտք չէ սպասել, որ անպատճառ սահմանի պարագայական բացումը հայեւթրքական յարաբերութիւններու ջերմացման ազդակ դառնայ եւ տեւական բացումին սկիզբ հանդիսանայ։ Սակայն, քաղաքական կարեւոր քայլ մըն է, որ կրնայ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու անցքը ապահովելու ծառայել։ Համաձայնութիւն մը, որ արդէն ձեռք բերուած էր Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի միջեւ բանակցութիւններու ընթացքին։ 

Հայաստանի համար կարեւոր յաղթաթուղթ կը դառնայ Թուրքիա հետ սահմանին բացումը, որուն ամէն անգամ բուռն կերպով հակազդած է Ազերպայճան։ Ներկայ պայմաններուն մէջ սահմանի բացումը աւելի զգայուն դարձած է Ազերպայճանի համար, նկատի առնելով 2020-ի պատերազմէն ետք այդ երկրին Սիւնիքի վրայով միջանցք պարտադրելու ռազմավարութիւնը, Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի միջանցքին դիմաց։

Եւրոպա եւ ԱՄՆ դրական անդրադարձներ ունեցան Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ ցուցաբերուած մարդասիրական օգնութեան։ Իսկ ռուսական կողմը ոչ միայն այս առնչութեամբ չարտայայտուեցաւ, այլեւ աւելի ու աւելի բաց կերպով կը սպառնայ Հայաստանին, Արեւմուտքի տարածաշրջան մուտքը կանխելու նպատակով,– յատկապէս ինչ կը վերաբերի Եւրոպական քաղաքացիական դէտերուն, որոնք պիտի սկսին գործել Փետրուար 20-ին,– յայտարարելով թէ այդ առաքելութիւնը պիտի սաստկացնէ տարածաշրջանին մէջ լարումը։ Նշանակալից է Ռուսաստանի Տումայի նախագահին բացայայտ զգուշացում-սպառնալիքը, թէ Արեւմուտքի Հայաստան մուտքը կրնայ առաջնորդել հայկական պետականութեան կորստեան։ 

Հակառակ քաղաքական դաշտին մէջ լարուած յարաբերութիւններուն, Հայաստան-Ռուսաստան առեւտրական յարաբերութիւնները անդադար նոր մրցանիշեր կը կոտրեն՝ 2022-ին 70 տոկոս աճ։ Ռուսաստան, որ Հայաստանի ուժանիւթի գլխաւոր մատակարարն է, ոչ մէկ ձեւով Հայաստանի քարիւղին եւ կազին գինը բարձրացնելու սպառնալիք չգործադրեց։ Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ այս անգամ Ռուսաստանի՛ Հայաստանէն կախեալ ըլլալու հանգամանքը։ Արդարեւ, Հայաստան կը գտնուի այն միջնորդ երկիրներու ցանկին վրայ, որոնք Ռուսաստանի դէմ Արեւմուտքի հաստատած պատիժները շրջանցելու ծառայող օղակ կը հանդիսանան, ինչպէս որ հակառակ ուղղութեամբ ալ՝ Պաքուն դէպի Եւրոպա  ռուսական ուժանիւթի արտածման արգելքները շրջանցելու օղակ կը հանդիսանայ։

Ժ.Չ. ■