Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – «Ականատեսի յուշեր. Պոտիլ Քաթարինէ Պիւռնի ժառանգութիւնը» հատորի շնորհահանդէսը Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ

Նորվեկիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան գանձատրումով, Հայոց ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք, հին նորվեկերէնէն թարգմանուած ու հրատարակուած են նորվեկիացի միսիոնարուհի Պոտիլ Պիւռնի գրառումները, որոնք ամփոփուած են հատորի մը մէջ: Այդ փաստաթուղթերը մեծ արժէք ունին Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան համար:

«Ականատեսի յուշեր. Պոտիլ Քաթարինէ Պիւռնի ժառանգութիւնը»/Memoirs of an Eyewitness: The Legacy of Bodil Katharine Biørn» խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին (ՀՑԹՀ) մէջ, ներկայութեամբ Հայաստանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպանին, պատուոյ հիւպատոսին, պատմաբաններու՝ Հայաստանէն ու արտասահմանէն:

Հանդիսութեան բացումը կատարուած է «Փաստագրելով յանցագործութիւնը. Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողները» առժամեայ ցուցադրութեան ներկայացումով, ուր ներառուած են նաեւ Պոտիլ Պիւռնի անձնական իրերը:

ՀՑԹՀ-ի տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեան իր խօսքին մէջ նշած է․ “Պոտիլ Պիւռնի կեանքը, գործունէութիւնը եւ մարդասիրական առաքելութիւնը այսօր հոս կը հնչեն որպէս վկայութեան, քաջութեան եւ բարոյական տոկունութեան խորհրդանիշ։ Հակառակ բռնապետական լռութեան՝ ան նախընտրեց մարտնչիլ, օգնել հայերուն եւ վաւերագրել յանցագործութիւնը”:

Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնած է Պոտիլ Պիւռնի թոռնիկին, որ տարիներ առաջ թանգարանին նուիրած էր իր մեծ մօր օրագրերը, նամակները եւ անձնական իրերը, որոնք թոյլ կու տան ներկայացնելու Ցեղասպանութեան խորքը՝ Պիւռնի անկեղծ ու մարդասիրական հայեացքին ընդմէջէն։

Ապա գիրքին խմբագիր Ռեգինա Գալուստեան ընդգծած է Պիւռնի գործունէութեան եւ անոր ձգած ժառանգութեան կարեւորութիւնը:

Ան նշած է, թէ հատորին մէջ ընդգրկուած են նորվեկիացի միսիոնարուհիին ամբողջական ձեռագիր օրագրերն ու յուշերը։ Ութ տետրակներէ կազմուած այս ժողովածուին ժամանակագրական սահմանները կ՚ընդգրկեն 1905–1934 տարիները: Օսմանեան կայսրութեան մէջ իր մարդասիրական առաքելութեան ընթացքին Պիւռն փաստագրած է հայ ժողովուրդին կեանքն ու Ցեղասպանութեան զարգացումները՝ թողլով հարուստ ազգագրական, աշխարհագրական ու պատմական տեղեկութիւններ։ Վերջին երկու տետրակներուն մէջ (1927–1934) ան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ,– բազմաթիւ լուսանկարներով,– Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Հալէպի մէջ տարուած աշխատանքները, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ երեխաներուն հաշուառման յստակ գրառումներով եւ այլ վիճակագրական տուեալներով։