ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Արտաքին գործոց փոխնախարար Կոստանեան. «Հայաստանն ու միջազգային հանրութիւնը կոչ կ՚ուղղեն Ազերպայճանին՝ դադրեցնելու հայ գերիներու նկատմամբ իրականացուող կեղծ դատական գործընթացը»

Մարտ 27-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան՝ կառավարութեան նիստէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու միջազգային հանրութիւնը կոչ կ՚ուղղեն Ազերպայճանին՝ դադրեցնելու հայ գերիներու եւ այլ պահուող անձերու նկատմամբ Պաքուի մէջ իրականացուող կեղծ դատական գործընթացները եւ ազատ արձակելու զանոնք։

Կոստանեան, մեկնաբանելով Ազերպայճանէն հնչած յայտարարութիւնը, թէ Հայաստան պէտք է քայլերու ձեռնարկէ արցախեան պատերազմներու մասնակիցները իբրեւ թէ պատժելու ուղղութեամբ՝ ընդգծած է, որ նման յայտարարութիւնները նպատակ ունին քօղարկելու Պաքուի մէջ հայ գերիներու նկատմամբ իրականացուող կեղծ դատավարութիւնները։

Անդրադառնալով Ազերպայճանի կողմէ առաջադրուող այսպէս կոչուած տեղահանուած ազերպայճանցիները՝ Հայաստանի մէջ վերաբնակեցնելու յայտարարութիւններուն՝ Կոստանեան ընդգծած է, թէ երկու երկիրներու խաղաղութեան պայմանագրին մէջ նման դրոյթ չկայ եւ նման հարց չկայ նաեւ Երեւանի օրակարգին վրայ։