ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ բացուած է Բարսեղ Կանաչեանի 140-ամեակին նուիրուած առժամեայ ցուցադրութիւն

Փետրուար 16-ին, Գրականութեան եւ արուեստի «Եղիշէ Չարենց» թանգարանին մէջ բացուած է 20-րդ դարու սփիւռքահայ անուանի երգահան, խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի 140-ամեակին նուիրուած առժամեայ ցուցադրութիւն, որ կ՚ընդգրկէ խմբավարի կեանքին ու գործունէութեան առնչուող ցուցանմուշներ:

Ցուցադրութեան ներկայացուած են Կանաչեանի ջութակը,– զոր հայրը նուիրած էր իրեն եւ մինչեւ իր կեանքի վերջը մնաց անոր հետ,– բազմաթիւ լուսանկարներ, իր վաստակին համար ստացած պարգեւը՝  Լիբանանի «Մայրիներ» Ա. կարգի շքանշանը եւ այլն:

Բացման արարողութեան գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր՝ «Կանաչեան» արուեստի դպրոցի աշակերտներուն մասնակցութեամբ։