Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան դիմած է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեան՝ ընդդէմ Ազերպայճանի

Հայաստան դիմած է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեան, որպէսզի վերջինս պարտադրէ Ազերպայճանին ապաշրջափակել Բերձորի միջանցքը։

Լուրը հաղորդած է Ատեանի մամլոյ ծառայութիւնը։

Հայկական կողմի ուղարկած փաստաթուղթերուն մէջ  նշուած է, որ Ազերպայճան շրջափակած է Արցախի 120 000 Հայերը արտաքին աշխարհին կապող մի՛ակ ճամբան, եւ որեւէ նախանշան չկայ, որ յառաջիկային վերջ կը տրուի այդ շրջափակման։

Հայաստան խնդրած է միջանկեալ միջոցներու ձեռնարկել Ազերպայճանի դէմ՝ Բերձորի միջանցքը բանալու եւ բնակչութեան ու երթեւեկի ազատ տեղաշարժը ապահովելու համար։