Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Զանգեզուրի արդիւնաբերական համալիրի գլխաւոր բաժնետէրը ՀՀ կառավարութեան կը փոխանցէ բաժնեթուղթերուն 25 տոկոսը

«Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ» (ԶՊՄԿ) ընկերութեան բաժնեթուղթերուն շուրջ 60%-ի սեփականատէր «Արդիւնաբերական ընկերութիւն» բաժնետիրական ընկերութիւնը կ՚ուզէ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխանցել 25%-ը:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ի դէմս ՀՀ կառավարութեան, պատրաստակամութիւն է յայտնել դառնալ բաժնետոմսերի սեփականատէր եւ նրանց կառավարման լիազօրութիւնները փոխանցել ՀՀ վարչապետի աշխատակազմին»,- ըսուած է ՀՀ կառավարութեան այս մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Verelq.am դիտել կու տայ, որ «Արդիւնաբերական ընկերութիւն» բաժնետիրական ընկերութիւնը արձանագրուած է Մոսկուա, ըստ ռուսական որոշ աղբիւրներու՝ բաժնետէրը Սերկէյ Շերպաքովն է։ «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»-ի իրական սեփականատէրերու տոմարին մէջ այս նորայայտ ընկերութեան մասին նշում չկայ։

Թերթը նաեւ կը յիշեցնէ, որ ԶՊՄԿ-ի բաժնեթուղթերու 75 տոկոսը ետ գնուած էր ու պատկանէր Կոմբինատին, մնացած 12,4 տոկոսի սեփականատէրը քանի մը ընկերութիւններու միջոցով՝ Ռուսաստանի Առողջապահութեան ու ընկերային զարգացման հարցերու նախկին նախարար Միխայիլ Զուրապովն էր, իսկ 12,5 տոկոսի բաժնետէրերն էին Սիւնիքի նախկին մարզպետ, «Հայաստան» դաշինքի երեսփոխան Վահէ Յակոբեանի եղբայրը, Կոմբինատի նախկին տնօրէն Մհեր Պոլոսքովն ու Կոմբինատի ղեկավարներէն Նարեկ Ամբարեանը։ Զուրապովը նաեւ դատական գործընթացներու մէջ էր միւս բաժնետէրերուն հետ։

Verelq.am կ՚աւելցնէ, թէ ՀՀ կառավարութիւնը բաժնեթուղթերուն 25 տոկոսը գնելու իր տրամադրութենէն զատ այլ մանրամասնութիւն չի յայտներ։ Կոմբինատի կայքէջին վրայ ալ բաժնեթուղթերու առուծախի մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ։