Հայաստանի Մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան անդրադառնալով գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի՝ «Պետական դաւաճանութեան համար մահապատիժ կիրարկելու առաջարկին», յայտնած է, թէ պետական դաւաճանութեան համար մահապատիժի ենթարկելու սահմանադրական-իրաւական հիմքեր ստեղծելու նախաձեռնութիւնը անընդունելի է։
«Դա հակասում է Հայաստանի միջազգային պարտաւորութիւնների հիմքերին։ Այն սկզբունքօրէն դէմ է Եւրոպական իրաւական համակարգին։ Այն հակասում է ոչ միայն եւրոպական, այլ նաեւ միջազգային ա՛յն պարտաւորութիւններին, որոնց մենք անդամակցում ենք։ Բացառւում է, որ դա կեանքի կը կոչուի»,– շեշտած է իրաւաբանը։
Նշենք, թէ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան դիմած է Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի նախագահ, Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեանին՝ առաջարկելով քննարկել պետական դաւաճանութեան համար մահապատիժ կիրարկելու կարելիութիւն ստեղծող սահմանադրական-իրաւական կարգաւորումներ սահմանելու հարցը:
Աւելցնենք, թէ Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Քրիստինէ Գրիգորեան եւս իր կարգին, ի միջի այլոց, յայտարարած է.– «ՄԻՊ-ը նաեւ որպէս Սահմանադրական բարեփոխումների խորհրդի անդամ, նման առաջարկի քննարկումն անգամ տեղին չի համարում, քանի որ այն մեծապէս ստուերում է կեանքի իրաւունքի եւ ընդհանրապէս մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան սահմանադրական ու ժողովրդավարական արժէքները»։