Յունիս 21–22, Գաւառի մէջ տեղի ունեցած է ժողովրդական արհեստներու 4-րդ միջազգային փառատօնը՝ «Երիտասարդները կը ստեղծեն համը» բնաբանով։ Ներկայ եղած են բազմաթիւ հիւրեր արտասահմանէն եւ Հայաստանի մարզերէն։
Տօնախմբութիւնը ընթացած է ջերմ, բարեկամական եւ ստեղծագործական մթնոլորտի մէջ։ Յատկապէս մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած են թաղիքագործութեան եւ հայկական աւանդական խոհանոցի ուտեստներու պատրաստութեան ցուցադրութիւնները։
Մարզերէն ժամանած մասնակիցները ներկայացուցած են իրենց նախընտրած արհեստներու նմուշները։ Հնչած են Գաւառի երիտասարդական ճազ խումբերու կատարումները։
Միջազգային սոյն փառատօնը կազմակերպուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան եւ «Շարամբէեան» ժողովրդական արուեստի թանգարանի միասնական ջանքերով։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։